Ոչ Եւս Է Փասքալ Թէօրէնլի

 Սահակեան Նունեան ընտանիքը խոր ցաւով վերահասու եղաւ վարժարանիս նախկին շրջաններու Հոգեբանութեան և Հայ Լեզուի և Գրականութեան բազմամեայ և վաստակաւոր ուսուցիչ՝ Տիար Փասքալ Թէօրէնլիի մահուան գոյժին: Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 28 Դեկտեմբեր Շաբաթ, ժամը 13.00 ին, Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցին: Այս տխուր առթիւ սիրով և յարգանքով կը խոնարհինք նորոգ հանգուցեալ մեր սիրելի ուսուցչի բարի յիշատակին առջև, երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր հարազատներուն, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: