"Հայճար"

"Հայճար"ի կողմէ կազմակերպուած եւ Պոլսոյ հայ վարժարաններու ներկայութեամբ կատարուած աւանդական Սկիւտարի Պաղլարպաշըի հայ գերեզմանատան մէջ Պալեան գերդաստանի շիրիմի այցելութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ կատարուեցաւ վարժարանիս Ժ. դասարանի աշակերտներու կողմէ իրենց հայերէնի ուսուցչուհի՝ Լիանա Պէնլիի առաջնորդութեամբ։ Նոյն օրը այցելուները աղօթքներ կատարեցին նաեւ վաղամեռիկ բանաստեղծներ՝ Պետրոս Դուրեանի եւ Մատթէոս Զարիֆեանի, ուսուցչապետ՝ Ռէթէոս Պէրպէրեանի եւ մանկավարժ՝ Յովհաննէս Հինդլեանի շիրիմներու քով։