Sahakyanlılar Günü 26 Mayıs 2019 Pazar Günü Gerçekleşti

 26 Mayıs Pazar günü Sahakyan Nunyan mezunları “Sahakyanlılar Günü’nde buluştu.Lise bahçesinde yapılan mezunlar gününde açılış konuşmasını okul müdürü Diana Yılancıoğlu yaptı. Karin Akal’ın sunuculuğunu yaptığı bu günde 25.40.ve lisenin ilk mezunları olan 50.yıl mezunlarına plaket takdim edildi. 50.yıl mezunları adına okulun eski müdürlerinden Elizabet Zeki, 40.yıl mezunları adına Vakıf Yönetim Kurulu Başkanı Yesayi Demir,25.yıllar adına ise Karin Akal bugünün anısına duygu ve düşüncelerini dile getiren bir konuşma yaptılar.Yesayi Demir o yılların matematik öğretmeni Garabet Mıhalyan’a plaket takdim etti. Lise öğrencilerinden Talya Tuana Dağ ve Norda Destici’nin solistlik yaptığı bu günde Jbid Allahverdiyan piyano, Aren Yunus Kocabay da gitarla solistlere eşlik ettiler.

 

 

 

Բաժակի Օր ՝ Սահակեան Նունեան Լիսէի Մէջ


 Սահակեան Նունեան Լիսէի ջերմ երդիքին տակ անցեալ Կիրակի (26.05.2019 ) տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջանաւարտից օրուան հանդիսութիւնը: Այս առթիւ առաւօտուն Ս.Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս.Պատարագ ձեռամբ Տ.Զօհրապ Քհնյ.Ճիվանեանի:Ս.Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Սամաթիոյ Ս.Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի հոգելոյս վարիչները, դպրոցի անդարձ բաժնուող բոլոր պատասխանատուները, կրթական մշակներն ու սաները: Վարժարանի եկեղեցւոյ կից ընդարձակ պարտէզը հոծ բազմութեամբ լեցուած էր կէսօրուան ժամերուն:Ջերմ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ սկսաւ հանդէսը, որու հանդիսավարն է վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Գարին Ագալ:Նախ՝ Սահակեան Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Օր.Տիանա Եըլանճըօղլու բեմ բարձրացաւ իր բացման խօսքը արտասանելու համար:Յետոյ հանդէս եկաւ վարժարանի սանուց միութեան ատենադպրուհի եւ հայերէնի ուսուցիչուհի Լիանա Իւնալ իր սրտի խօսքը արտասանելու համար յանուն սանուց միութեան վարչութեան:Բոլոր Սահակեանցիներ մեծ հրճուանքով բաժակ բարձրացուցին ի կենաց վարժարանի բարօրութեան:Այս աւանդական հաւաքոյթի ընթացքին մեծարուեցան 25-40 եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները եւ ստացան իրենց յուշանուէրները:Վարժարանի նախկին տնօրէնուհիներէն Օր.Էլիզապէթ Զէքի արտասանեց ողջոյնի խօսք մը յանուն 50-ամեայ յոբելեար դասարանի, որ առաջին հունձքն էր 1966-ին հիմնուած Սահակեան Նունեան Լիսէի:Իսկ 40-ամեայ ընթացաւարտներուն զգացումներուն թարգման հանդիսացաւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պրն.Եսայի Տէմիր իր ջերմ արտայայտութիւններով:40-ամեայ յոբելեար դասարանի կողմէ այդ շրջանի իրենց թուաբանութեան ուսուցիչ Պրն. Կարապետ Մխալեանի յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ երախտագիտական զգացումներով:25-ամեայ յոբելեար դասարանին անունով վարժարանի հանդէպ իր երախտիքն յայտնեց Օր.Գարին Աքալ: Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ ելոյթներ ունեցան լիսէի աշակերտներ, մեներգներով՝ Թալիա Թուանա Տաղ եւ Նորտա Տէսթիճի, իսկ դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Ժպիտ Ալլահվերտիեան եւ կիթառով Առէն Գօճապայ, որոնք արժանացան բոլորին ջերմ ընդունելութեան: Հանդիսութեան աւարտին Յոբելեար շրջանաւարտները իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը կտրեցին յետոյ վարժարանի դասարանները այցելելով վերյիշեցին իրենց յուշերը: Շրջանաւարտները յաջորդ տարի դարձեալ մէկտեղուելու փափաքով հրաժեշտ տուին իրենց կրթօճախին: